19 ՄԱՅԻՍ-Ի ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՏՕՆԸ ԱՅՍՕՐ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի Մայիսի 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը շարունակէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպել։ Արդէն յստակ ձեւաւորուած նախընթացներով ծրագիր մըն է այս մէկը, որու շրջանակներուն մէջ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն հետեւելու համար վերջին օրերուն Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն ներկայացուցիչներ այցելեցին Իսթանպուլ։
Բաց երկնքին տակ կան, ըստ էութեան, կենդանին եւ իրեղէնը։ Երկրագունդը կը համատեղէ բնականն ու արհեստականը։ Անոնց պարզած պատկերը ներդաշնակութիւն է երբեմն, իսկ երբեմն ալ հաւասարակշռութիւն կամ հակադրութիւն։
Արարատ Միրզոյեան, Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով վաղը ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Շուրջ չորս տասնեակ առաջնորդներու շարքին է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահի եւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան՝ ընտրողներու 86,28 տոկոսին մասնակցութեամբ:
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ երէկուան բանակցութիւնները շուրջ չորս ժամ տեւեցին Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս: