ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ պէտք է փնտռել սպառազինութեան նոր մատակարարումներ, որովհետեւ հայկական կողմը առարկայականօրէն չի ստանար այն, ինչին համար վճարած է Ռուսաստանին։

Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ վաղը Պրիւքսելի մէջ ժամադրուած են՝ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
Յայտնի լուսանկարիչ Ալպերթօ Մոտիանօ արդէն թեւակոխած է իր լուսանկարչական գործունէութեան 40-ամեակը։ Կը տեղեկանանք, որ յոբելենական շրջանին ան հրատարակած է «100 Yahudi Yüz» («100 հրեայ դէմք») խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը, որու շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Գարագիւղի «Schneidertempel» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, երկու երկիրներու սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը մնայ միշտ լարուած։ Այս առաւօտ, ժամը 10.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերստին թիրախաւորեցին Հայաստանի սահմանամերձ Սոթքի դիրքերը։
Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ «Եւրոտեսիլ 2023» մրցոյթը։ Եզրափակիչ փուլին ընդառաջ, երկու կիսաեզրափակիչներ տեղի կ՚ունենան՝ նոյնպէս Լիվըրփուլի մէջ։
Այս կիրակի, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած են բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ երկու երկիրներու սահմանին վրայ արձանագրուեցաւ նոր մագլցում եւ լարուածութիւնը վերստին թափ հաւաքեց։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա-Իրան առանցքին վրայ երէկ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Քառակողմանի բանակցութիւններու հիման վրայ որոշուեցաւ այս չորս երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացնել Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ճանապարհային քարտէս մը, որ պիտի պատրաստուի յառաջիկային։
Մինչ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումով պայմանաւորուած դիւանագիտական երթեւեկը վերստին թափ կը հաւաքէ։