Հարթակ

ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ (1921-1983). ԱՌՆՈՆ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երաժշտագէտ մը չեմ: Բայց երգն ու երաժշտութիւնը շատ սիրած եմ ու կը սիրեմ: Որովհետեւ գիտեմ, որ «լաւ» երգը, նաեւ լաւ տրամադրութիւններ կրնայ բերել ժամերուդ:

ԻՐԱՆ-ԱՄՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ «ՍԱՐԵՐՈՒ ԵՏԻՆ ՉԷ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամէն առիթով՝ երբ Իսրայէլի մամուլը կը գրէ Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու հարցով Թել Աւիւի ապրած «հիասթափութեան» մասին, կը սկսի հիմնաւորուիլ այն մօտեցումը, որ Վիեննայի մէջ այսօրերուն ընթացող բանակցութիւններուն յաջողութեամբ պսակուիլը «սարերու ետին չէ»։

«ԻՄ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին հետ ծանօթութիւնս նոր չէ։ Ծանօթութիւն, որ իր մէջ կը պարունակէ ոչ միայն որդիական զգացումներ, այլ նաեւ ամուր բարեկամութեան շեշտեր։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ. «ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՁԵՒԵՐՈՎ ՓՈԽԱՆՑԵԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ»

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով հայերէնով լոյս տեսաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ՝ կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» գիրքը, որուն մասին մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Սեւ ագռաւը թռաւ ճիւղէ ճիւղ եւ ըսաւ ճերմակ վարդի մը թուփին.
-Սեւ գոյնս գոյներուն ամենէն գեղեցիկն է:
Թուփը յորդորելով ըսաւ.
-Յիշէ՛, որ չկան սեւ վարդեր, սեւ ծառեր եւ սեւ խոտեր:

ՄԻ՛ ԽՄԵՐ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր խելքը, բանականութիւնը, մեր ուժը, մեր զգացողութիւնները ուղեղին մէջն են։
Լուրջ (չխմած) մարդը լաւապէս կը հասկնայ իր լսածն ու տեսածը, կը զանազանէ լաւն ու բարին, կը կարենայ գնահատել իր ըրածներն ու ուրիշներուն ըրածները. ան իր կամքին տէրն է, զգոյշ է թէ՛ իր խօսքերուն եւ թէ՛ շարժումներուն մէջ եւ, երբ պէտք է, կը կարենայ ինքզինք զսպել։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՐԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
Արեւտմահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ ազգովին կ՚ապրինք մեր պատմութեան ամենէն մութ ու ծանր ժամանակաշրջաններէն մէկը, մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Ռաֆայէլ Պատկանեանի Վարդապետարան Հայաստանի ազատութեան» հարց-պատասխանի տեսքով գրուած գրութիւնը, արեւմտահայերէնի վերածուած: «Վարդապետարան»ը 1883 թուականին գրուած է:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արդ, ի՞նչ է խորհուրդը անոնց ոտքերը լուալուն, ըսենք. նախ՝ որովհետեւ առաքեալները ամէն տեղ բոպիկ կը շրջէին, ու անոնց ոտքերը աղտով ներկուած էր, անոնց ոտքերը աղտէն կը լուայ, բայց լոկ աղտի լուացում չէր, այլեւ անոնց հոգիները մեղքերէն կը մաքրէր։

ՀԱՅԸ ՄԻՇՏ ՃԿՈՒՆ ԵՂԱԾ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տքթ. Երուանդ Զօրեան. «Ճիշդ է՝ դժուար օրերու մէջ ենք, սակայն, շատ աւելի ծանր օրեր ալ ապրած ենք։ Թեքնոլոժիի ոլորտը մեծ ներուժ ունի Հայաստանի մէջ»:
«Պայմաններուն յարմարուիլը վերապրելու մեր կարողութիւնն է, հիմա ալ պիտի ունենանք, բայց որքան շուտ՝ այնքան լաւ։ Մարդիկ պէտք չէ մտահոգուին՝ իրենց ժամանակը աշխատանքի յատկացնելու համար»:

Էջեր