ՍՓԻ՞ՒՌՔ ԵՆ, ԹԷ՞… (Գ.)
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
«Պոլսահայերը սփի՞ւռք են, թէ՞ չէ...» յաճախ տրուող հարցումին անդրադարձ կատարող այս շարքիս նախորդ յօդուածով ներկայացուցած ու քննած էի ա՛յն պոլսահայերը, որոնց համար չկայ տուն ու հայրենիք բացի Պոլիս/Իսթանպուլէն։ Եզրակացուցած էի, որ, իրաւամբ, զիրենք սփիւռքցի համարելը անտեղի պիտի ըլլայ, եւ պարզապէս իրենց ինքնութենական էութեանը չհամապատասխանող։